2010-11-04 13:06:51

Հայաստան - Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Գործարար Համաժողով ` Երեւանի Մէջ ։


Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ-էմիրաթական գործարար համաժողովը, որուն մասնակցեցան հայ գործարարներ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Հայաստան ժամանած գործարար պատուիրակութեան անդամները՝ Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին առեւտուրի նախարար Շէյխա Լուպնա Քասիմիի գլխաւորութեամբ։ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան բարի գալուստ մաղթեց համաժողովի մասնակիցներուն, կարեւոր նկատելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրա-տնտեսական կապերու զարգացումը։ Վարչապետ Սարգսեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան լաւ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Էմիրութիւններու հետ։ Ըստ անոր, գնահատելի է քաղաքական մարզին մէջ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եւ այս գործարար Համաժողովը նպատակ ունի բացայայտելու տնտեսական յարաբերութիւններու դաշտին մէջ գոյութիւն ունեցող ներուժը։

Իսկ Լուպնա Քասիմի հայ գործարարներուն առաջարկեց Միացեալ Էմիրութիւններու հետ համաործակցիլ յատկապէս հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ։ Նշենք, որ 2006-2009 թուականներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրա-շրջանառութիւնը շատ մեծ չէ եղած,կազմելով 130 միլիոն տոլար։Հայաստանէն՝ Միացեալ Էմիրութիւններ կ՝արտահանուին գիւղական մթերք, թանկարժէք եւ ոչ- թանկարժէք քարեր, մետաղներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.